image

«Ալ-Քահիտա» յայտարարած է իր պարտութիւնը Սուրիոյ մէջ. Ո՞ւր պիտի ըլլայ անոր յաջորդ ուղեւորութիւնը...

«Ալ-Քահիտա» յայտարարած է իր պարտութիւնը Սուրիոյ մէջ. Ո՞ւր պիտի ըլլայ անոր յաջորդ ուղեւորութիւնը...

«Ալ Քաիտա» կազմակերպութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը « Արաքանը Ձեզ կը կանչէ» վերնագիրով յայտարարութիւն  մը հրապարակած է, որուն միջոցաւ իր կողմանկիցներուն Արաքան մեկնելու կոչ կ'ընէ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Արաքանը պիտի ըլլայ կազմակերպութեան նոր թիրախը Սուրիայէն ետք: 

 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Արաքանի՝ (Միանմար) մէջ գտնուող իսլամներուն օգնութեան հասնիլը կրօնական պարտականութիւն եւ պարտաւաորութիւն: 

 

Այս ծիրէն ներս, Սուրիոյ մէջ «Ալ Քաիտա»ի կրօնականները սկսած են Աարաքանի մէջ պուտտայականներու կողմէ իսլամներու դէմ գործադրուող յանցագործութիւններու մասին նիւթեր շահարկել, եւ հրահրել Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող իրենց կողմանկիցներուն աջակցիլ Արաքանի իրենց «եղբայրներուն»: Անոնք մզկիթներու ամպիոններէն եվ ընկերային ցանցերու էջերէն սկսած են ակնարկութիւններ ընել, որ Սուրիոյ մէջ կռիւը «խառնակութեան» վերածուած է:  

 

 Իր կարգին «Պալատի Նիւզ» կայքը գրած է,որ մեծ թիւով «Ալ-Քաիտ»ի տարրեր արդէն հեռացած են Սուրիայէն, եւ կ'ակնկալուի, որ յաջորդող օրերուն մեկնողներու թիւը բարձրանայ, առանց յստակօրէն գիտնալու անոնց ելքի ճանապարհն ու նոր ուղեւորութեան կողմը, որ մեծ հաւանականութեամբ պիտի ըլլայ դէպի Արաքան: