Օրեր առաջ Ռուսաստանի օդուժը յարձակումներ գործած է «Ալ Նուսրա» ճակատի մէկէ աւելի կեդրոններու վրայ սպաննելով 60 ահաբեկիչներ: Աւելի ուշ տեղեկութիւններ տարածուած են այն մասին, որ «Ալ Նուսրա» ճակատի «գլխաւոր Էմիր» համարուող Ապու Մուհամմէտ Ալ-Ժուլանին վիրաւորուած է:
Ըստ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշոնքով յայտարարութեամբ մը յայտնած է, որ 3 հոկտեմբերին Ռուսական ռազմական գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է «Ալ-Նուսրա»ի ղեկավարներու գումարելիք ժողովի վայրին եւ ժամանակին մասին, որուն ներկայ պիտի գտնուէր նաեւ Ժուլանին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ժողովատեղին «Սու -34» եւ «Սու -35» տիպի կործանիչներու թիրախ դարձած է, որուն հետեւանքով սպանուած է «Նուսրա»ի 12 առաջնորդ եւ 50 պահակ-զինեալներ, եւ ծանր վիրաւորանք ստացած են 10 ծայրայեղականներ, որոնց շարքին նաեւ Ժոլանին:
Մինչեւ այս պահը Ժուլանիի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ, մինչ տարբեր աղբիւրներ չեն բացառեր, որ ան սպաննուած է: