Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Վերջերս «Ռատիքալ Տէյլի»ի` Արմաղան Չաղլայեանի հետ կատարած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնի թուրք երկրաբան եւ Իսթանպուլի տեխնիկական համալսարանի դասախօս, փրոֆէսոր Ժէլալ Շէնկէօր ծանր քննադատութեան ենթարկուած է իր կատարած կարգ մը մատնանշումներուն համար, որու պատճառով ան համարուած է 1980-ի յեղաշրջման ժամանակահատուածի` իր իսկ որակաւորումով «աննշան» խոշտանգումներու աջակից, ուր ան յայտարարած է իր լիակատար կողմնակցութիւնը 1980 թուականի յեղաշրջման եւ անոր ղեկավար առաջնորդ եւ ապա նախագահ՝ Քէնան Էվրէնին:
Շէնկէօրի հաստատումներուն մէջ ամենայատկանշականը եւ հանրութեան մօտ աղմուկ բարձրացնողը անոր ակնարկն էր, թէ Էվրինի վարած յեղաշրջման օրերուն Հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ Տիարպէքիրի բանտէն ներս որպէս մահապատիժ մարդու երես ուտել ստիպելը բանտարկեալներուն երբեք ծայրայեղ պատժամիջոց չէ. «Ես մեծ ուրախութեամբ դէմքեր կ'ուտեմ, որովհետեւ ես գիտեմ, որ դէմքերը կ'ուտուին»,-ըսած է ան եւ ան օրինակ բերած է Սան Տիէկոյի կենդանաբանական այգիին մէջ տեսած կորիլլաները որոնք իրենց դէմքերը կ'առաջարկէին մէկը միւսին. «Անոնք կենդանաբանական կարգով մեզ նման կը վարուին: Այդ լաւ է, բան մը չի պատահիր» :
Նոյն աղբիւրէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Շէնկէօր, որ աւելի շուտ ծաղկեպսակ ուղարկած էր Էվրինի եւ նախկին ղեկավար Շահինքայայի յուղարկավորթեան, պնդած է, որ յեղաշրջումը արդարացի էր եւ կը հաստատէ, որ ան իր գործելակերպի մէջ հրաժարած էր միջխորհրդարանական գաղափարախօսական ահաբեկչութենէն, նշելով, որ ինք ժողովրդավարութեան դէմ չէ, եթէ ան Զուիցէրիոյ մէջ է: Շէնկէօր Թուրքիոյ մէջ իշխող ռէժիմին անդրադառնալով զայն սահմանած է որպէս ամբոխավարութիւն, որուն փոխարէն առաջարկած է «էլիթի» գերակայութեան կիրառումը:
Այս հաղորդումէն ետք Պոլսոյ Գատըքէոյ քաղաքապետարանի կողմէ չեղեալ կը համարուի Շէնկէօրի` Նոյեմբեր 28-ին կայանալիք քոնֆէրանսներէն մէկը, որու ընթացքին պիտի մեկնարկուէր անոր «Aptalı Tanımak» («Ծանօթանանք ապուշին») գիրքը:
Բոլոր քաղաքական գործիչներն ու գրող-մտաւորականները նոյնպէս խիստ քննադատեցին փրոֆէսորը, յատկապէս (HDP) կուսակցութեան պատգամաւորները, որոնց անդամներէն շատեր այդ բանտի մէջ մնացած են եւ անոնք նշած են, որ այդ բանտէն ներս կիրառուող չարչարանքներն ու վատ վերաբերմունքը եւ խոշտանգումները կը համարուին առաջնային պատճառ՝ PKK-ի ստեղծման համար: