image

ԱՀԱԸ-ի նեցուկը լիբանանահայութեան. 50 Հազար ամն տոլարի նոր յատկացում

ԱՀԱԸ-ի    նեցուկը լիբանանահայութեան.  50  Հազար  ամն տոլարի նոր յատկացում

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինը գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) Լիբանանահայութեան հրատապ կարիքներուն նպաստելու նպատակով, , յատկացուցած է սկզբնական յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը ի լրումն տարեկան իր շօշափելի օժանդակութիւններուն:

Այս յաւելեալ օժանդակութեամբ ԱՀԱԸը կու գայ անգամ մը եւս հաւաստելու իր յանձնառու աշխատանքը եւ Լիբանանահայութեան նկատմամբ իր յատուկ  հոգածութիւնը, Ընկերակցութեան առաքելութեան 102-ամեայ ուղիին ընթացքին:

 

 

Դիւան ՄԱՀԱԵՄի (Մերձաւոր Արեւելքի  Հայ Աւետարակական Եկեղեցիներու Միութեան) Կեդրոնական Մարմնի