image

Անգլիոյ կառավարութեան նեցուկը՝ BBC-ին

Անգլիոյ կառավարութեան նեցուկը՝ BBC-ին

Բրիտանական «Պի Պի Սի» հեռուստաալիքի համաշխարհային ծառայութիւնը 2021-2022 թուականներուն յաւելեալ 8 մլն ֆունտ սթերլինկ (11 մլն տոլար) ֆինանսաւորում պիտի ստանայ՝ լսարանի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուութեան եւ կեղծ լուրերու դէմ պայքարի համար: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Թագաւորութեան ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:


«Աշխարհի մէջ, ուր պետութիւններն ու յանցաւոր խմբաւորումները կը խեղաթիւրեն նորութիւնները, որպէսզի շահագործեն եւ ճնշեն մարդոց, կենսականօրէն կարեւոր է ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու անկախ եւ առարկայական լուսաբանումը», -ըսուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Թագաւորութեան ԱԳՆ-էն ընդգծած են, որ որոշ պետութիւններ համացանցային ծրագրեր (պոթեր) կ'օգտագործեն ընկերային ցանցերուն մէջ վնասակար տեղեկութիւն տարածելու նպատակով:  

Նշուած է, որ կառավարութեան աջակցութիւնը պիտի օգնէ հեռուստաընկերութեան շարունակել լրագրողական հետաքննութիւններ իրականացնել, այդ շարքին՝ Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

Նիւթական յաւելեալ աջակցութիւնը «Պի Պի Սի»-ի համաշխարհային ծառայութիւնը, որ կը հեռարձակուի 42 լեզուով, յատկացուած է երկրի անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան համալիր հարցերու դիտարկումէն ետք:

Ներկայ պահուն «Պի Պի Սի»-ի լսարանը կը գնահատուի շաբաթական 351 մլն մարդ: Այս ցուցանիշը վերջին 5 տարուան մէջ աճած է 40 տոկոսով: