Քիւրտ խմբաւորումներու ղեկավարութիւնը յայտնած է, բրիտանացի կին մը, որ քրտական ուժերուն կողքին կը կռուէր Աֆրինի մէջ՝ սպաննուած է թրքական զօրքերու կողմէ: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «The Guardian»ը, յայտնելով, որ ան մահացած էր 16 մարտին, Թուրքիոյ կողմէ գործուած ռմբակոծութեան հետեւանքով:
Թերթը կը նշէ, որ 26-ամեայ Աննա Քամպըլը, որ Լուիս քաղաքէն էր, որպէս կամաւոր գրանցուած էր ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելով Քիւրտ կանանց պաշտպանութեան միաւորման՝ Աֆրինի մէջ:
Ան սկսզբնական շրջանին Սուրիա մեկնած էր, քրտական խմբաւորումներուն կողքին «Տահէշ»ի դէմ կռուելու նպատակով, որմէ ետք խնդրած էր քիւրտ ղեկավարներուն իրեն Աֆրին ուղարկել, որոնք անոր պնդումներուն դիմաց ի վերջոյ համաձայնած էին:
Քիւրտ կանանց պաշտպանութեան միաւորման խօսնակ Նըսրին Ապտալլա «The Guardian»ին տուած յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Քեմպիլի մահը մեծ կորուստ է մեզի համար .. ան ուժեղ կին էր .. կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնը իր ընտանիքին»: