image
Հրատապ լուրեր:

ԱԱԾ-ն Լրատուամիջոցներուն կոչ կ'ընէ հետեւիլ պաշտօնական լրատուութեան

ԱԱԾ-ն  Լրատուամիջոցներուն  կոչ կ'ընէ  հետեւիլ պաշտօնական  լրատուութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան  «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն»ը  Երեւանի Էրէբունի շրջանին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն վերաբերեալ  երկրորդ  հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է: Հաղորդագրութեան մէջ  ԱԱԾ-ն  կոչ կ'ուղղէ բոլոր լրատուամիջոցներուն դէպքին  վերաբերեալ լրատուութիւն կատարելու  համար  օգտուիլ պաշտօնական  աղբիւրներու հաղորդագրութիւններէն, յուշելով նաեւ, որ հակառակ պարագային եղած  ապատեղեկատուութիւնը կրնայ նպաստել յանցաւոր կողմի  գործողութիւններու իրականացման: Կը նշուի նաեւ, որ  առաւօտ կանուխ զինեալներու խումբ մը մուտք գործած է Էրէբունի շրջանին մէջ եղող ոստիկանական պահակային  կեդրոն մը, ուր զինեալներ պատանդ  վերցուցած են   զօրանոցին մէջ գտնուող  ոստիկաններ: Աւելի ուշ  փոխանցուեցաւ նաեւ, որ  տեղի ունեցող պատշաճ գործողութիւններուն  ընթացքին զոհուած է մէկ  ոստիկան  եւ կան  վիրաւորեալներ:  Ներկայ պահու դրութեամբ   համապատասխան  աշխատանքներ կը տարուին   անօրինական  այս  արարքը  իր աւարտին տանելու համար: Նշենք, որ զինեալները, որպէս հիմնական նախապայման դրած են Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակումը: