image

Ռուսաց լեզուն պաշտօնական լեզու դարձաւ Արցախի մէջ

Ռուսաց լեզուն պաշտօնական լեզու դարձաւ Արցախի մէջ

 

Ռուսերէնը Արցախի մէջ պաշտօնական լեզու կարգավիճակ ստացած է: Այս մասին յայտնած է Արցախի ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան (սփորթի) հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արամ Յարութիւնեանը, որ նաեւ նախագիծի համահեղինակներէն մէկն է:

Ան ընդգծած է, որ խօսքը ռուսերէնին երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ տալու մասին է, իսկ Արցախի պետական միակ լեզուն կը շարունակէ  մնալ հայերէնը:

Յիշեցնենք, որ նախորդ ամիս Արցախի ԱԺ պատգամաւորներ նախագիծ մշակած էին, ըստ որու, կ'առաջարկուէր ռուսերէնին պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ տալ Արցախի մէջ: Սա բուռն քննարկումներու առիթ դարձած էր թէ Հայաստանի, թէ Արցախի մէջ: Նախաձեռնութեան հեղինակները կը հաւաստիացնէին, որ ռուսական կողմէ պարտադրանք չէ եղած:

 

Նիւթի՝ NEWS.am-էն