Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով վեց տարի տեւած դադարէ մը ետք Սուրիոյ «ՀՄՄ»ը 7-14 օգոստոսին իր տարեկան բանակումը կատարած է Քեսապ հայկական աւանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Քեսապի «Արեւելք»ի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ բանակումին մասնակցութիւնը բերած են Հալէպի ՀՄՄ-ի անդամ շուրջ 100 մասնակիցներ:
Նշենք, որ բանակումը տեղի ունեցած է Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածքին վրայ: Բանակումի աւարտին տեղի ունեցած է աւանդական խարուկահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՀՄՄ-ի սկատուտներ, արի- արենուշներ, գայլիկներ եւ մրջնիկներ: Աւարտին մասնակիցները գիւղին մէջ կատարած են սկաուտական տողանցք, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է քեսապցիներուն եւ այդ օրերուն Քեսապ այցելող հայ հանրութեան մօտ: