Քիչ առաջ Հայաստանի Ազգային Ժողովը 59 կողմ եւ 42 դէմ քուէներով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրեց «ԵԼՔ» խմբակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:
Վերջին երեք շաբաթներուն համաժողովրդային շարժման առաջնորդ դարձած Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելու օրակարգը երկրորդ անգամն էր, որ կը դրուէր Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ եւ 1 մայիսին նոյն օրակարգը տապալած էր անհրաժեշտ քուէներու բացակայութեան հետեւանքով:
Ընդդիմադիր Փաշինեան, որ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ յաջողեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդը դառնալ կարողացաւ ոտքի հանել Հայաստանի ժողովուրդը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան ու բողոքի աննախընթաց ալիքի մը ճամբով իշխանափոխութիւն ապահովել:
Վստահ ենք, որ տակաւին ժամանակ պիտի ունենանք քննարկելու եւ ճիշդ գնահատակններ տալու Հայաստանի ներքին կեանքը յուզած հիմնահարցերուն, սակայն ակներեւ է, որ այսօր 8 մայիս 2018-ին համաժողովրդային ցնծութեան մթնոլորտին մէջ մենք եւս կը բաժնեկցինք հայրենի ժողովուրդին ապրած ուրախութիւնը:
Լիայոյս ենք, որ մեր ժողովուրդի ապրելու կամքն ու յաղթանակած ըլլալու հաւատքը նոր կայմեր կը դառնան մեր ժողովուրդի իտէալներու իրականացման ճանապարհին: