image
Հրատապ լուրեր:

59 քուէներ ստանալով Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Վարչապետ ընտրուեցաւ

59 քուէներ ստանալով  Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Վարչապետ ընտրուեցաւ

Քիչ առաջ Հայաստանի Ազգային Ժողովը 59 կողմ  եւ 42 դէմ քուէներով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրեց «ԵԼՔ» խմբակցութեան   առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վերջին երեք շաբաթներուն համաժողովրդային շարժման առաջնորդ դարձած  Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելու օրակարգը երկրորդ անգամն էր, որ կը դրուէր Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ եւ 1 մայիսին նոյն օրակարգը  տապալած էր  անհրաժեշտ քուէներու բացակայութեան հետեւանքով:

Ընդդիմադիր Փաշինեան, որ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ յաջողեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդը դառնալ կարողացաւ ոտքի հանել Հայաստանի ժողովուրդը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան ու բողոքի աննախընթաց ալիքի մը ճամբով իշխանափոխութիւն ապահովել:

 

Վստահ ենք, որ տակաւին ժամանակ պիտի ունենանք քննարկելու եւ ճիշդ  գնահատակններ տալու Հայաստանի ներքին  կեանքը յուզած հիմնահարցերուն, սակայն ակներեւ է, որ այսօր 8 մայիս 2018-ին համաժողովրդային ցնծութեան մթնոլորտին մէջ մենք եւս կը բաժնեկցինք հայրենի ժողովուրդին ապրած ուրախութիւնը:

Լիայոյս ենք, որ մեր ժողովուրդի ապրելու կամքն ու յաղթանակած ըլլալու  հաւատքը նոր կայմեր կը դառնան մեր ժողովուրդի իտէալներու իրականացման  ճանապարհին: