Հայաստանի մէջ, 2 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39 050 դէպք, որոնցմէ 29 750-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8 318 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 166 701 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 209 նոր դէպք եւ 193 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 754):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 80, 80 տարեկան տղամարդիկ եւ 72, 80, 61 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
