image
Հրատապ լուրեր:

209 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 8 318-ի

209 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 8 318-ի

Հայաստանի մէջ, 2 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39 050 դէպք, որոնցմէ 29 750-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8 318 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 166 701 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 209 նոր դէպք եւ  193 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 754):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 80, 80 տարեկան տղամարդիկ եւ 72, 80, 61 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Այլ պատճառներով մահուան ելքերու թիւը 228 է: