Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ «10 միլիոն ծառ» համահայկական ծառատունկը յետաձգուած է մինչեւ 20201-ի վերջը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
«Հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, կարեւորելով իւրաքանչիւրի առողջութիւնը եւ համավարակի տարածման դէմ իրականացուող միջոցառումները, ինչպէս նաեւ՝ նկատի ունենալով ծառատունկի ընթացքին անխուսափելի մարդկային կուտակումներու հնարաւոր վտանգները, դեռ ապրիլին որոշում կայացուած էր «10 միլիոն ծառ» համահայկական ծառատունկը յետաձգել մինչեւ 2021 թուականի վերջ։
Լիայոյս ենք, որ ստեղծուած իրավիճակը կը շտկուի եւ մենք, այնուամենայնիւ, 2021-ին ամբողջութեամբ կ'իրականացնենք նախաձեռնութիւնը՝ տնկելով 10 000 000 տունկի։
Միաժամանակ տեղեկացնենք, որ նախաձեռնութեան ծրագրման աշխատանքները հնարաւորինս պիտի իրականացուին՝ համաձայն նախապէս մշակուած քայլերու յաջորդականութեան»,-ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։