Կառավարութեան շէնքին դիմաց կը շարունակուի 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողներու անժամկէտ նստացոյցը:
Անոնք գիշերը անցուցած են կառավարութեան շէնքին մօտ:
Նշենք, որ նախօրէին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Որդիների կանչ» Հասարակական Կազմակերպութիւնը, ուր մասնաւորապէս, ըսուած է. ««Վաղը (նկատի ունին 22 մայիսը-խմբ.) Նիկոլ Փաշինեանը, այս շէնքում՝ որտեղ ներկայ պահին «Որդիների Կանչ» ՀԿ-ն նաստացոյց է անում, ունենալու է մամլոյ ասուլիս։ Հետեւաբար, բոլոր-բոլոր քաղաքացիներին կոչ ենք անում ժամը 9:00-ից միանալ մեզ: Ասուլիսը սկսելու է ժամը՝ 11:00-ին եւ մենք ունենք հնարաւորութիւն՝ լրագրողների միջոցով, վարչապետին հարցեր յղելու»։
Յիշեցնենք, որ Արցախեան երրորդ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու հարազատները, անոնց աջակցող քաղաքացիները 20 մայիսէն ի վեր անժամկէտ նստացոյց կ'ընեն կառավարութեան շէնքին մօտ՝ պահանջելով ազատ արձակել զոհուած զինծառայող Ժորա Մարտիրոսեանի մօր՝ Գայեանէ Մարտիրոսեանին, որ կալանաւորուած է մէկ ամիսով Աշոտ Փաշինեանի «առեւանգման գործով»։