Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Կողմերը քննարկած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները։
Ինչպէս կը հաղորդէ թրքական «Haberler» պարբերականը, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեան վարչութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին Էրտողան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյնս օգտագործել դիւանագիտական հնարաւորութիւնները։
Ան յոյս յայտնած է, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ նշած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն։
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ ստորագրուած Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան համաձայնագիրին։
Անոր խօսքով՝ համաձայնագիրի ստորագրութեամբ երեք երկիրները վճռական դիրքորոշում ցուցաբերած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հարցով։
Էրտողան եւ Թրամփ քննարկած են նաեւ Կազայի հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այն ժամանակ, երբ նպատակ դրուած է անցնիլ Կազայի խաղաղութեան գործընթացի երկրորդ փուլին, կը նկատուի Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ պաղեստինցիներու դէմ ուղղուած գործողութիւններու աճ։
Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ Կազայի վերականգնման ուղղուած քայլերուն։