Թայլանտ շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ շուտափոյթ բանակցութիւններ սկսելու՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հետ ազատ առեւտուրի շուրջ համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ։
Այս մասին յայտարարած է Թայլանտի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Սիհասաք Փուանկքեթքէուն։
«Մենք շատ շահագրգռուած ենք Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ սկսելու Թայլանտի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ։ Թերեւս, այդ իմ այցելութեան օրակարգի ամենակարեւոր հարցերէն մէկն է»,– ըսած է ան։
Փուանկքեթքէուն նշած է, որ այդ հարցը գործընկերներուն հետ քննարկած է Ռուսիա կատարած այցելութեան ընթացքին, եւ՝ յոյս յայտնած, որ այդ քննարկումները պիտի արագցնեն համաձայնագիրի կնքման գործընթացը։
«Մենք յոյս ունինք, որ կայացած քննարկումները անհրաժեշտ խթան պիտի հաղորդեն գործընթացին, եւ մենք պիտի կարենանք հնարաւորինս շուտ սկսիլ Թայլանտի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները։ Սովորաբար նման գործընթացները քիչ ժամանակ չեն պահանջեր, սակայն մենք յոյս ունինք, որ այս պարագային պիտի յաջողինք կարելի եղածին չափ արագցնել գործընթացը»,– ընդգծած է ան։
Թայլանտի Արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուած է Օգոստոս 12-15-ը։ Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաքի հետ։