Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է համաձայնութեան գալու Իրանի հետ, եթէ Թեհրան հրաժարի միջուկային զէնք մշակելու իր կարողութենէն, սակայն մինչ այժմ իրանցիները հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերած Ուաշինկթընի համար ընդունելի պայմաններու նկատմամբ։
Այս մասին «Fox News»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական եւ փեսայ՝ Ճարետ Քուշները, որ Միջին Արեւելք կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է «Համաս»-ի ղեկավարութեան եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ։
«Եթէ Իրանը պատրաստ է աւարտին հասցնելու մեզի հետ քննարկուած համաձայնութիւնը եւ հրաժարելու միջուկային զէնք մշակելու իր կարողութենէն, ապա ակնյայտ է, որ ան (խմբ.՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը) պատրաստ է համաձայնութեան գալու, որ կրնայ հիանալի ըլլալ Իրանի ժողովուրդին համար։ Սակայն այս պահուն անոնք որեւէ հետաքրքրութիւն ցոյց չեն տար մեր կողմէ խելամիտ նկատուող որեւէ բան ընելու նկատմամբ»,– ըսած է Քուշները։
Անոր խօսքով՝ նախագահ Թրամփ շատ կեդրոնացած է տնտեսական ճնշումին վրայ։
«Ան իսկապէս լուրջ կը վերաբերի շրջափակման։ Եթէ նայիք Իրանի տնտեսութեան, այն շատ աւելի վատ վիճակի մէջ է»,– նշած է ան։
Քուշների համաձայն՝ Թրամփ չուզեր համաձայնութեան հարցով աճապարել։
«Ան ճիշդ համաձայնութիւնը պիտի կնքէ, երբ որ այն պատրաստ ըլլայ։ Սակայն մենք շատ դրական եւ աշխոյժ զրոյցներ կ՚ունենանք, եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի»,– ըսած է ան։