Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։ Մահացած է պէյրութահայ շրջանակներուն մէջ ճանչցուած անուն հանդիսացող Ժիրայր Ստեփան Ժամկոչեանը։
Հանգուցեալը ամբողջ կեանք մը նուիրած է իր ասպարէզին՝ շապկագործութեան, եւ շնորհիւ իր արդար վաստակին ու տաղանդին, կարողացած է դառնալ պէյրութեան շուկայի ամէնէն փնտռուած շապկագործներէն մին։
Ան երկար տարիներ գործած է այդ ոլորտին մէջ ու հիմնած իր հանրայայտ վաճառատուն՝ Chemiserie Napoleon -ը, որ Պէյրութի ոսկեայ օրերուն կը համարուէր փնտռուած վաճառատուն-հասցէ մը։
1946-ի իր աչքերը Պէյրութի մէջ բացած Ժիրայր Ժամկոչեան ապրած է լիբանանեան պատերազմի ամենատարբեր փուլերը ու այդ առումով ալ կատարած է իր ազգային պարտքն ու պարտականութիւնը։
Սիրելի հայ մարդ եւ նուիրեալ հայր. ահա այս բառերով կը բնութագրեն Ժիրայր Ժամկոչեանի անցած ճանապարհը։ Ան նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին կապուած մնաց իր սիրելի արհեստին, որ, շնորհիւ իր ոսկեկերտ ձեռքերուն, վաղուց արդէն վերածուած էր արուեստի։
Ընտանիքի հայր Ժիրայր Ժամկոչեան եղած է հայր՝ զաւակներու, մեծ հայր՝ թոռներու եւ ծոռներու։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կատարուած են օրերս՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատուն։
Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր որդւոյն Յովհաննէս Ժամկոչեանին (Գանատաբնակ)։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի հոգիին խաղաղութեան համար հոգեհանգիստ պիտի կատարուի այսօր՝ Կիրակի 8 դեկտեմբերին, Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Լուրը համադրեց՝ Arevelk.am-ը