image

Ժամանակն է հրաժարելու անհիմն յիշողութիւններէն, հիմա այդ կը հասկնայ նաեւ Փաշինեանը․ Էրտողան

Ժամանակն է հրաժարելու անհիմն յիշողութիւններէն, հիմա այդ կը հասկնայ նաեւ Փաշինեանը․ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան կոչ ըրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կեդրոնանալու առկայ իրողութիւններու վրայ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզ մշակելու համար։

Անոր խօսքերը մէջբերած է Anadolu գործակալութիւնը։

«Տարածաշրջանին մէջ հիմա նոր կարգ կը հաստատուի, ժամանակն է հրաժարելու անհիմն յիշողութիւններէն, աւելի լաւ է գործել՝ ելլելով ներկայ ժամանակի իրողութիւններէն: Հիմա այդ կը հասկնայ նաեւ Փաշինեանը։ Հիմա ժամանակն է իրատեսական հիմքի վրայ ստեղծելու նոր ճանապարհային քարտէզներ։ Յոյսով եմ, որ Հայաստանը կ՚ազատի այն խաւարէն, որու մէջ իրեն ներքաշած է Սփիւռքը եւ կ՚ընտրէ նոր նախաձեռնութիւններու ուղին՝ յանուն պայծառ ապագայի»,-ըսած է Էրտողան։

Թուրքիոյ առաջնորդի խօսքով՝ «հնարաւորութիւններու պատուհանը միշտ չէ, որ բաց պիտի ըլլայ, եւ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ օգտագործել պահը»։ 

Էրտողան յայտարարած է, թէ այս գործընթացին մէջ, բացի հայկական Սփիւռքէն, բազմաթիւ գործօններ կ՚ազդեն Հայաստանի վրայ։