image

Զգnւշացէք, որ դուք չըլլաք անhետացողը․ Ալի Լարիժանին՝ Թրամփին

Զգnւշացէք, որ դուք չըլլաք անhետացողը․ Ալի Լարիժանին՝ Թրամփին

Զգուշացէ՛ք, որ դուք չըլլաք անհետացողը, գրած է Իրանի Գերագոյն ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին՝ ի պատասխան Թրամփի յայտարարութեան, այն մասին, որ եթէ Իրանը որեւէ քայլ ձեռնարկէ, որ կը կանգնեցնէ նաւթի հոսքը Հորմուզի նեղուցին մէջ, անոնք ԱՄՆ-ի կողմէ պիտի ստանան 20 անգամ աւելի զօրաւոր հարուած, քան ստացած են մինչ այժմ։

«Աշուրայով ներշնչուած իրանցի ժողովուրդը չի վախնար ձեր դատարկ սպառնալիքներէն։ Ձեզմէ շատ աւելի հզօր ուժեր չեն յաջողած բնաջնջել անոնց։ Ուստի զգուշացէ՛ք, որ դուք չըլլաք անհետացողը»,- գրած է Ալի Լարիժանին։