Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին 10 տարուան ժամկէտով պատժամիջոցներ սահմանած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի երկու որդիներուն նկատմամբ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Ուքրանիոյ նախագահի կայքին վրայ հրապարակուած հրամանագիրին համաձայն՝ պատժամիջոցները կը վերաբերին Վիքթոր եւ Տմիթրի Լուքաշենքոներուն։ Սահմանափակումներ մտցուած են նաեւ Պելառուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Փաւել Մուրավեյքոյի նկատմամբ։
Ուքրանիոյ պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է Պելառուսիոյ 16 քաղաքացի։ Զելենսքին անոնց նկատմամբ կիրառած է 16 տեսակ սահմանափակիչ միջոցներ, որոնց մէջ՝ գոյքերու սառեցում, տնտեսական եւ ֆինանսական պարտաւորութիւններու կասեցում, պաշտօնական այցելութիւններու չեղարկում, առեւտրական գործունէութեան դադրեցում եւ Ուքրանիոյ պետական պարգեւներու ընդմիշտ վերացում։
Պելառուսիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Օլեկ Կայտուքեւիչը «ստոր քայլ» անուանած է Զելենսքիի կողմէ Լուքաշենքոյի որդիներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանումը։