image

Զելենսքիի գրասենեակը հերքած է, որ Ուքրանիոյ մէջ 100.000 զինուոր զոհուած է

Զելենսքիի գրասենեակը հերքած է, որ Ուքրանիոյ մէջ 100.000  զինուոր զոհուած է

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի գրասենեակը հերքած է 100,000 սպանուած զինծառայողի մասին տեղեկութիւնը. աւելի վաղ ամերիկեան CBS-ը յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ նախագահը նման բան ըսած է հարցազրոյցին։

Զելենսքիի մամուլի քարտուղար Սերկէյ Նիքիֆորովը մանրամասնած է, որ Զելենսքին նման բան չէ ըսած, իսկ  100,000 զոհի մասին տեղեկութիւնը հնչած է CBS-ի հաղորդման նիւթին մէջ՝ հարցազրոյցէն դուրս:

«Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ հարցազրոյցի քատրէն դուրս նիւթին մէջ հնչած է 100,000 թիւը, իսկ հարցազրոյցին մէջ այդպէս չէ ըսուած: Նախագահն ըսած է միայն, որ մեր ժողովուրդը կը վճարէ ամենաբարձր գինը»,- ընդգծած է Նիքիֆորովը։

Նշենք, որ ըստ  CBS-ի հրապարակման, Զելենսքին ըսած էր հետեւեալը.«Մեր ժողովուրդը կը վճարէ ամենաբարձր գինը: Չկայ աւելի բարձր գին: Մենք տուած ենք մեր ամբողջ գումարը, այն ամէնը, ինչ ունինք ֆինանսական առումով: Բայց ամենակարեւորը, մենք տուած ենք  մեր ժողովուրդի կեանքը: Ռուսիան սպանած է 100,000 ուքրանացի զինուորական, 13,000 խաղաղ բնակիչ եւ աւելի քան 600 երեխայ: Ռուս զաւթիչները նաեւ 780 յարձակում գործած են՝ բժշկական հաստատութիւններու, եւ 1700-ը՝ դպրոցներու վրայ»: