image

Զելենսքի պատրաստ է պայքարի

Զելենսքի պատրաստ է պայքարի

Ես պիտի սկսիմ հրապարակայնօրէն պայքարիլ անոնց դէմ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան շրջանցել ռուսական պատժամիջոցները։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:

Ան ցաւով նշած է, որ ամբողջ աշխարհի եւ եւրոպական մայրցամաքին մէջ կան պետութիւններ, որոնք այդ կ'ուզեն, թէ ոչ, բայց կ'օգնեն շրջանցել ռուսական պատժամիջոցները։

Անոր խօսքով՝ այդ Ռուսիոյ հնարաւորութիւն կու տայ զինուելու։