Պոլսոյ Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ, օրերս, միութեան սրահի մէջ ցուցադրուած է բեմադրիչ Ալպերթօ Մոտիանոյի «Յոյսի բլուր» անունով վաւերագրական ժապաւէնը։ Բեմադրիչ Մոտիանօ եւ բեմագիր Թիւլին Պալճըօղլու եւս ներկայ եղած են եւ ներկայացումէն ետք հրապարակային զրոյց ունեցած են հանդիսականներու հետ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ երէկ, 14 Նոյեմբերի իրիկունը միութեան սրահի մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Ալպերթօ Մոտիանոյի «Յոյսի բլուր» անունով վաւերագրական ժապաւէնը։ Փոքրամասնական համայնքներէն մշակութասէրներու կոկիկ բազմութիւն մը, նաեւ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն Թանիա Օզինեան եւ Կիւլիզար Արթուչ ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին։ Բեմադրիչ Մոտիանօ եւ բեմագիր Թիւլին Պալճըօղլու եւս անձամբ ներկայ էին եւ յետոյ հրապարակային զրոյց ունեցան հանդիսականներու հետ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան Ատենապետուհի Տիկին Մարիամ Տրամէրեան, ամփոփ գիծերով պատկերացում տալով շարժանկարի ու հեղինակի մասին։
Ժապաւէնը յուզիչ պահեր պարգեւեց դիտորդներուն, հնարաւորութիւն ստեղծելով ունկնդրելու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու մասին կարեւոր վկայութիւններ։
«Յոյսի բլուր. Հեյպէլիի դպրեվանքը եւ անոր շրջանաւարտները» անունով վաւերագրական ժապաւէնը նկարահանուած է 2023ին։ Փաստերը համադրուած են դպրեվանքի ուսանողներու հարցազրոյցներուն հետ, որոնք լոյս կը սփռեն կարեւոր իրադարձութիւններու, յատկապէս 6-7 Սեպտեմբերի տխուր յիշատակներու հետ։ Արխիւային դրուագներն ու վկայութիւնները խորապէս յուզիչ էին, ցոլացնելով դպրեվանքի մշակութային ժառանգութիւնն ու հոգեւոր մթնոլորտը։