image

Յորդանանի փոխվարչապետը ողջունած է Հայաստանի որոշումը

Յորդանանի փոխվարչապետը  ողջունած է Հայաստանի    որոշումը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան փոխվարչապետ, արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարար Այման ալ Սաֆատի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն:

Զրուցակիցները քննարկել են տարածաշրջանային հարցեր։

Յորդանանի փոխվարչապետը ողջունած է Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը՝ որպէս միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն եւ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն համահունչ քայլ։

Արարատ Միրզոյեանը եւ Այման ալ Սաֆատին միտքեր փոխանակած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին զարգացումներու շուրջ եւ անդրադարձ կատարած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու։