image

Ըստ Ռուսաց նախագահին անցնող տարին ՝ԱՊՀ-ի համար բացառիկ տարի մը եղած է

Ըստ  Ռուսաց նախագահին անցնող տարին ՝ԱՊՀ-ի համար  բացառիկ տարի մը եղած է

Անցնող տարին ԱՊՀ-ի համար եղած է բացառիկ, աշխուժ եւ յագեցած` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացող ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Մենք ամէն անգամ տարեվերջին կը հաւաքուինք այսպիսի նեղ շրջանակով, եւ այդ արդէն ձեւաւորուած բարի աւանդոյթ է: Նման հանդիպումները շատ լաւ հնարաւորութիւն կու տան ամփոփելու ԱՊՀ գործունէութիւնը, խօսելու ծրագրերու ու հեռանկարներու մասին եւ քննարկելու մեզ յուզող միջազգային օրակարգի հարցերը»,- ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Փութին շեշտած է, որ 2024 թուականին ԱՊՀ-ի մէջ նախագահութեան շրջանին Ռուսիան մտադիր է առաւել մեծ ուշադրութիւն դարձնել ազգային արժոյթներով հաշուարկներու ընդլայնման: Ան յիշեցուցած է, որ 2023թ. ԱՊՀ երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կայուն աճ գրանցած է. 10 ամսուան տուեալներով՝ այն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է երկու տոկոսով՝ կազմելով 83,7 միլիառ տոլար:

«Ռուսիոյ նախագահութեան առաջնահերթ խնդիրն է մեր ժողովուրդներու միջեւ սերտ կապերու պահպանումն ու ամրապնդումը, բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան յարաբերութիւններու զարգացումը ԱՊՀ ողջ տարածքին»,-աւելցուցած է Ռուսիոյ ղեկավարը։

Փութինի խօսքով՝ ԱՊՀ երկիրներու մէջ պահանջուած է նաեւ պատմութեան կեղծման եւ նացիզմի դէմ պայքարի հարցերու մէջ համագործակցութիւնը: