Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին հերքած է Լիբանանի ներքին գործերուն միջամտելու մեղադրանքները՝ յայտարարելով, որ այդ երկրի իսկական թշնամին Իսրայէլն է։
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունի յայտարարութիւններէն դատելով՝ կարելի է կարծել, թէ ոչ թէ Իսրայէլը, այլ Իրանն է գրաւած Լիբանանի մէկ հինգերորդ մասը, բնակչութեան քառորդը ստիպած լքել իր տուները եւ ամէն օր կը ռմբակոծէ քաղաքներն ու գիւղերը։ Կոչ կ՚ընեմ ձեզի, պարոն նախագահ, փրկելու Լիբանանը ձեր իսկական թշնամիէն»,– գրած է Արաքչին։
Յունիս 5-ին Աուն Իրանի ղեկավարութենէն պահանջած էր դադրեցնել Լիբանանի ներքին գործերուն միջամտութիւնը։ Ան նշած էր, որ Լիբանան ծանր բանակցութիւններու արդիւնքով հասած է Իսրայէլի հետ զինադադարի։ Ըստ անոր՝ իրանցիները Լիբանանը կը գործածեն որպէս սակարկութեան միջոց՝ Միացեալ Նահանգներու հետ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, իսկ լիբանանցի ժողովուրդը այդ քաղաքականութեան գինը կը վճարէ։
Ինչպէս ընդգծած է Աունը, իր երկրին շահերը չեն համընկնիր Իրանի շահերուն հետ, որ կը սատարէ Իսրայէլի դէմ պատերազմող «Հըզպալլա» կազմակերպութեան։
Յունիս 4-ին Իսլամական յեղափոխական պահակագունդի «Ալ-Քուտս» յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատար, զօրավար-մայոր Իսմայիլ Քաանին իսրայէլեան բանակէն պահանջած էր նահանջել այն դիրքերէն, որոնք գրաւած էր փետրուար 28-ի դրութեամբ՝ Իրանի դէմ 40-օրեայ պատերազմի սկիզբը։ Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Իրանի զինուած ուժերը պատրաստ են հարուած հասցնելու Իսրայէլին, եթէ անոր բանակը սկսի յարձակում գործել Պէյրութի վրայ։