Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողան յայտնեց,- «Թուրքիան մօտէն պիտի հետեւի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ ստորագրուած եռակողմ յուշագիրին մէջ արձանագրուած հարցերու գործադրութեան` ատոր հիմամբ ՔԱԿ-ի, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու, Ժողովրդային միութիւն կուսակցութեան ու Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պէտք եղած քայլերու որդեգրման եւ այդ առնչութեամբ իրաւական ցուցակները ամբողջացնելու համար»:
«Այն, ինչ որ տեսանք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հոլովոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ ահաբեկչութեան թղթածրարին վերաբերեալ կարմիր գիծերը ցոյց կու տայ, եւ Շուէտ խոստացաւ մեզի 73 ահաբեկիչներ յանձնել»:
«Շուէտ 60 որոնուող անձերու Թուրքիոյ արտայանձնման հարցը կը քննարկէր, եւ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին անոնց թիւը բարձրացուց 73-ի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տեսնենք, եթէ իր խոստումը պիտի յարգէ»:
Ֆինլանտայի Արտաքին գործոց նախարար՝ Փեքա Հաւիսթօ յայտարարեց, «Թուրքիան գոհացնելու համար» իր երկրին օրէնքները պիտի չփոխէ: