image

Ըստ Չաւուշօղլուի՝ Ռուսիան ՆԱԹՕ-ի թշնամին է

Ըստ Չաւուշօղլուի՝  Ռուսիան  ՆԱԹՕ-ի  թշնամին է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, Թուրքիոյ աջակցութիւնը յայտնելով ՆԱԹՕ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան՝ նշեց, որ Ռուսիա եւ ահաբեկչութիւնը ՆԱԹՕ-ի երկու մեծագոյն սպառնալիքներն են, կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» լրատու կայքը:

«Թուրքիա միշտ աջակցած է ՆԱԹՕ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան: Ներկայիս կան երկու թեկնածու երկիրներ, եւ ՆԱԹՕ-ի համար երկու ամէնէն էական սպառնալիքները Ռուսիան եւ ահաբեկչութիւնն են», Փրակի մէջ ըսաւ թուրք նախարարը եւ խնդրեց, որ այս հարցին մէջ նկատի առնել դաշինքի բոլոր մտահոգութիւնները, որովհետեւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը ակնյայտ է:

Թուրքիա Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցելու դիմումներուն աջակցելու իբրեւ նախապայման Սթոքհոլմէն ու Հելսինքիէն պահանջած է դադրեցնել աջակցութիւնը «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններուն, արտայանձնել Անգարայի կողմէ հետախուզուող կասկածեալները եւ ջնջել Թուրքիոյ դէմ կիրարկուող զէնքի արտածման արգելքը:

Շուէտ եւ Ֆինլանտա կը փորձեն հարցին բանակցային լուծում գտնել, իսկ ՆԱԹՕ-ի անդամ  պետութիւնները վստահ են, որ Թուրքիոյ առարկութիւնները կարելի է յաղթահարել:

«Թուրքիա Ուքրանիոյ աջակցութեան ապահովման մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման վերաբերեալ լուծում գտնելուն մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի։ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է, եւ մեծ ջանքով անոր հետ կ՛աշխատինք Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան շուրջ», իր կարգին յայտարարեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ՝ աւելցնելով. «ՆԱԹՕ-ի դռները կը շարունակեն բաց մնալ, եւ այս քաղաքականութիւնը օգնեց մեզի ժողովրդավարութիւնը եւ ապահովութիւնը տարածելու։ Պէտք է լուծենք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութիւններուն վերաբերեալ բոլոր մտավախութիւնները, ներառեալ Անգարայի մտահոգութիւնները»։