Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ չի հաւատար, թէ Չինաստանն ու Ռուսիան աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Իրանին։
«Ծայրայեղ ձախակողմեան յիմարներու եւ խելագարներու բազմաթիւ մեկնաբանութիւնները կը տեսնեմ այն մասին, թէ Չինաստանն ու Ռուսիան կ՚օգնեն «հրաշալի» Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։ Նոյնիսկ եթէ այդպէս է, օգնութիւնը կը ցուցաբերուի շատ ցած մակարդակով, սակայն ես ատոր չեմ հաւատար», գրած է Թրամփ «Truth Social» ընկերային ցանցին մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ Մոսկուան եւ Փեքինը չափազանց շատ բան վտանգի կ՚ենթարկեն։
«Եւ մենք այդ մասին տեղեակ պիտի ըլլայինք, ընդ որում՝ շատ արագ», եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։