image

Արուսեակ Ջուլհակեան ընտրուած է ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ

Արուսեակ Ջուլհակեան ընտրուած է ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 138-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ յօդուածներու համաձայն՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թափուր պաշտօնին առաջադրած էր Արուսեակ Ջուլհակեանի թեկնածութիւնը:

ԱԺ 107 պատգամաւորէն քուէարկութեան մասնակցած են 66-ը, անվաւեր քուէաթերթիկներ չեն եղած: 

Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ Արուսեակ Ջուլհակեան՝ կողմ՝ 65, դէմ՝ 1

«Որոշումն ընդունուած է»,- յայտարարած է ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը: