image

Պատրաստ ենք՝ արդար գործարքի. Արաքչի

Պատրաստ ենք՝ արդար գործարքի. Արաքչի

Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ արդարացի համաձայնագիր կնքելու՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Այս մասին Փեքինի մէջ իր չինացի գործընկեր Վան Իի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Մենք պիտի ընդունինք միայն արդարացի եւ համապարփակ համաձայնագիր»,- ըսած է նախարարը։

Արաքչին ընդգծած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ սանձազերծուած պատերազմը կը համարուի միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում, եւ Իրանը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններու ընթացքին իր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը դրական գնահատած է Փեքինի դիրքորոշումը միջազգային ասպարէզին մէջ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի գործողութիւններու դատապարտումը։ Արաքչիի գնահատմամբ՝ ներկայ իրավիճակին մէջ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութիւնը պիտի զարգանայ։