image

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներէն նոր զոհեր

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներէն նոր զոհեր

Լիբանանի հարաւային եւ արեւելեան շրջաններու դէմ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով Մայիս 6-ին 7 մարդ զոհուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։

Իսրայէլ նաեւ տարահանման նոր հրահանգներ տուած է Լիբանանի հարաւը գտնուող 12 բնակավայրերու բնակիչներուն։ Անոնց յանձնարարուած է տեղափոխուիլ իրենց տուներէն առնուազն 1 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող բաց տարածքներ։

Միեւնոյն ժամանակ իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանի հարաւին մէջ հարուածած է «Հըզպալլա»-ի հետ կապուած բազմաթիւ կեդրոններ՝ ոչնչացնելով քանի մը մարտիկներ եւ թիրախաւորելով շարժման ռազմական ենթակառուցուածքները։

«Հըզպալլա»-ն իր կարգին յայտարարած է, որ «Իսլամական դիմադրութիւն»ը հարուածած է լիբանանաիսրայէլեան սահմանին գտնուող իսրայէլեան բանակի հաւաքատեղին, փոխադրամիջոցները եւ զրահամեքենաները։

Հակառակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի կողմէ Ապրիլ 16-ի կէսգիշերին յայտարարուած հրադադարին՝ Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ բախումները կը շարունակուին, հիմնական Լիբանանի այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութեան տակ։

Ըստ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան՝ Մարտ 2-էն, երբ Իսրայէլի դէմ «Հըզպալլա»-ի յարձակման պատճառով Լիբանանը ներքաշուեցաւ Միջին Արեւելքի պատերազմի մէջ, երկրին մէջ իսրայէլեան գործողութիւններու զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 2702-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 8311-ի։