image

Գերքաղաքականացած ընտրական մրցավազք․ կուսակցութիւններն արդէն գիտեն իրենց թիւերը 


Գերքաղաքականացած ընտրական մրցավազք․ կուսակցութիւններն արդէն գիտեն իրենց թիւերը  


Հայաստանը կը մտնէ արագ տաքացող քաղաքական օրերու փուլ մը, ուր Ազգային ժողովի ընտրութիւնները այլեւս ժամանակի հարց չեն, այլ՝ մօտալուտ իրականութիւն։ Մէկ ամիսէն քիչ աւելի ժամանակ մնացած է մինչ քուէարկութեան օրը, եւ այսօր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նիստի աւարտին յստակ դարձաւ ընտրապայքարի ձեւաչափը՝ հրապարակուեցան քաղաքական ուժերու այն թիւերը, որոնց ներքոյ անոնք պիտի ներկայանան ընտրողին։

Այս դասաւորումը ոչ միայն վարչական պարզեցում է, այլ նաեւ խորհրդանշական մեկնարկ մը՝ նոր փուլու մը, ուր կուսակցութիւնները պիտի փորձեն իրենց տեղը ամրապնդել հանրային գիտակցութեան մէջ, իսկ ընտրողը՝ կողմնորոշուիլ բազմազան եւ երբեմն խիստ բեւեռացած ընտրանքներու միջեւ։

1․ Ռեֆորմիստներու Կուսակցութիւն

 2․ «Բոլորին Դէմ Եմ» Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն 

3․ «Ուժեղ Հայաստան» Դաշինք

 4․ Հայաստանի Շնորհապետական Կուսակցութիւն 

5․ «Նոր Ուժ» Ռեֆորմիստական Կուսակցութիւն

 6․ «Միասնութեան Թեւեր» Կուսակցութիւն 

7․ «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւն 

8․ «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ» Համահայկական Կուսակցութիւն 

9․ «Քոչարի Ազգային Վերածնունդ եւ Ազգի Զարթօնք» Կուսակցութիւն 

10․ Հայ Ազգային Քոնկրես Կուսակցութիւն 

11․ «Հանրապետութիւն» Կուսակցութիւն 
12․ Քրիստոնեայ-Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն 

13․ «Ալյանս» Առաջադիմական Կենտրոնամէտ Կուսակցութիւն 

14․ «Ժողովրդավարական Համախմբում» Կուսակցութիւն 

15․ «Դեմոկրատիա, Օրէնք, Կարգապահութիւն» Կուսակցութիւն 

16․ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութիւն 

17․ «Հայաստան» Կուսակցութիւններու Դաշինք 

18․ «Յանուն Հանրապետութեան Ժողովրդավարութեան Պաշտպաններու Դաշինք» Կուսակցութիւն

 19․ «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւն