image

Թուրքիոյ մէջ զինուած յարձակnւմ՝ ԱԳ նախկին նախարար Չաւուշօղլուի եղբօր վրայ

Թուրքիոյ մէջ զինուած յարձակnւմ՝ ԱԳ նախկին նախարար Չաւուշօղլուի եղբօր վրայ

Թուրքիոյ մէջ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է երկրի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եղբօր՝ գործարար Այտըն Չաւուշօղլուի նկատմամբ։ Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:

Մահափորձն կատարուած է Այտըն Չաւուշօղլուի գրասենեակին մէջ՝ հրազէնի կիրառմամբ։

Առկայ տեղեկատւութեան համաձայն՝ յարձակումէն ետք գործարարը տեղափոխած են հիւանդանոց։ Ներկայիս ան կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս։

Մեւլութ Չաւուշօղլուն, որ այս պահուն կը գտնուի երկրէն դուրս, արդէն տեղեկացուած է պատահածի մասին եւ կը ծրագրէ վերադառնալ Թուրքիա։

Հետաքննութիւնը կը շարունակուի։