image

Ռուսիան պատրաստ է բանակցութիւններու. Զախարովա

Ռուսիան պատրաստ է բանակցութիւններու. Զախարովա

Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու, որոնք արդիւնք պիտի բերեն։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Անշուշտ, մենք բաց ենք, ինչպէս միշտ ընդգծած է ռուսական ղեկավարութիւնը, բանակցային գործընթացի, շփումներու համար, որոնք պիտի ունենան իրական ազդեցութիւն, իրական արդիւնք»,- ըսած է ան։

 

Դիւանագէտը նշած է, որ ներկայիս ամերիկեան կողմէն երկխօսութեան համար պատասխանատու պաշտօնեաները ամբողջութեամբ ներգրաւուած են Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մէջ։

«Մենք մեր կողմէ չենք հրաժարած բանակցային գործընթացի, շփումներու, հանդիպումներու իրականացման հայեցակարգէն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլային մեր կողմէ յայտարարուած արդիւնքին»,- աւելցուցած է Զախարովան։

Մոսկուան բազմիցս յայտնած է ճգնաժամի կարգաւորման ուղղուած պատրաստակամութեան մասին։ Ան նաեւ կը մասնակցի Ուաշինկթընի առաջարկած խաղաղութեան ծրագրի քննարկման, սակայն կասկածի տակ կը դնէ քիեւեան վարչակարգի՝ պայմանաւորուելու ցանկութիւնը։

Վլատիմիր Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիան կը պաշտպանէ բացառապէս երկարաժամկէտ կարգաւորումը։ Նախագահին համաձայն՝ այդ կարելի է միայն հակամարտութեան հիմնապատճառներու վերացումէն ետք։ Անոնց շարքին են՝ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման հետեւանքով առաջացած սպառնալիքները ազգային անվտանգութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսախօս բնակչութեան իրաւունքներու ճնշումը։