Մենք կը նախընտրենք Հորմուզի նեղուցը վերադարձնել նախապատերազմեան վիճակին․ այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Այսօր Իրանի մէջ գնաճը 70% է, իսկ անոնց արժոյթը կը գտնուի լիակատար եւ բացարձակ ազատ անկման մէջ։ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու շրջանցման նպաստող որեւէ օտարերկրեայ ֆինանսական հաստատութիւն կամ առեւտրային կազմակերպութիւն պիտի բախի երկրորդական պատժամիջոցներու։
Այս կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները խելագար են։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական կարգաւորման հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին, եւ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զանոնք ուսումնասիրել»,- նշած է ան։
Ռուպիոն նաեւ յայտարարած է, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ Իսրայէլի կառավարութեան միջեւ խնդիրներ չկան, եւ թէ Իսրայէլը Լիբանանի մէջ հողային որեւէ պահանջ չէ ներկայացուցած։