image

Էմանուէլ Մաքրոն 5 Մայիսին Գիւմրի պիտի այցելէ

Էմանուէլ Մաքրոն 5 Մայիսին Գիւմրի պիտի այցելէ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Հայաստան կատարելիք պետական այցելութեան շրջագիծէն ներս 5 Մայիսին պիտի այցելէ նաեւ Գիւմրի։

Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին մէջ նախատեսուած է «Երաժշտական կամուրջ» խորագրով մեծ համերգ՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան խորացման։ Այս մասին կը տեղեկանանք կառավարութեան ապրիլ 30-ի օրակարգէն։

Համերգային ծրագիրին մէջ պիտի հնչեն հայկական եւ ֆրանսական թեմաներով երգեր, որոնք պիտի ներկայացնեն հայ եւ ֆրանսացի անուանի արուեստագէտներ՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի նուագակցութեամբ։

Հայաստանի կառավարութիւնը Ապրիլ 30-ի նիստի ընթացքին որոշում կայացուցած է համերգի կազմակերպման համար պահուստային հիմնադրամէն յատկացնել 392 միլիոն 897,7 հազար դրամ։

Ըստ նախագիծի հիմնաւորման՝ Գիւմրիի մէջ միջոցառման կայացումը պայմանաւորուած է 1988-ի երկրաշարժէն ետք քաղաքի վերականգնման գործին մէջ Ֆրանսայի ցուցաբերած աջակցութեամբ եւ քաղաքին մէջ ֆրանսական մշակոյթի նկատմամբ առկայ հետաքրքրութեամբ։ Նշուած է, որ նախագիծը նպատակ ունի նպաստել Հայաստանի միջազգային վարկանիշի բարձրացման եւ 2027-ին երկրին մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային խաղերու հանրահռչակման։

Աւելի վաղ պարզ դարձած էր, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոն մայիս 3-5-ը պիտի գտնուի Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Այցի շրջածիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահը նախ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին:

Մայիս 5-ին պիտի մեկնարկի Էմանուէլ Մաքրոնի պետական այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Տեղի պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահի առանձնազրոյցը, որուն պիտի յաջորդէ երկու երկիրներու առաջնորդներու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հանդէս պիտի գան լրատուամիջոցներու համար յայտարարութիւններով:

Նախագահ Մաքրոն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Մատենադարան:

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:

Պետական այցի շրջածիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահը ՀՀ վարչապետի ուղեկցութեամբ պիտի այցելէ Գիւմրի, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը Գիւմրիի մէջ ներկայ պիտի ըլլան «Երաժշտական կամուրջ. Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրով համերգին: