image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան վարչութեան այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

Հալէպ. Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան վարչութեան այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝ 

Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնը, որուն կ՚ընկերակցէր գրող, կրթական մշակ, Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի դասախօս տիար Լեւոն Շառոյեան։

Վարչութեան անդամները Սրբազան Հօր նուիրեցին տիար Լեւոն Շառոյեանի հեղինակութեամբ նոր հրատարակուած «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» գիրքի Ա. հատորը, խնդրելով Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը՝ յառաջիկայ ամսուան մէջ տեղի ունենալիք գիրքի շնորհանդէսին։

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց տիար Լեւոն Շառոյեանը եւ վարչութեան անդամները՝ իրենց նուիրական գործունէութեան համար, յատկապէս հայ գիրի եւ մշակոյթի ծիրէն ներս անոնց ցարդ կատարած աշխատանքներուն եւ ի մասնաւորի լոյս տեսած այս հատորին եւ անոր յաջորդող Բ. հատորին համար, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ։