Ընթերցումներս (63)
Անհամասեռութիւն (6)
Շաղկապական անհամասեռութիւն (ա)
Խնդրոյ առարկան ոչ միայն... այլեւ համադասական զուգադիր յաւելական շաղկապն է, որ կրնայ կիրարկուիլ թէ՛ պարզ նախադասութեան, թէ՛ համադասական բարդ նախադասութեան մէջ:
Ուրեմն ուղղախօսութիւնը կը պահանջէ, որ անոր զոյգ բաղադրիչները դրուին ինչպէս պարզ նախադասութեան, այնպէս ալ համադասական բարդ նախադասութեան նոյն պաշտօնը կատարող բառերուն վրայ:
Բացատրենք հետեւեալ օրինակներով.
ա)Ան կը ղեկավարէ երգչախումբը եւ փողերախումբը:
Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Այս պարզ նախադասութեան մէջ ուղիղ խնդիր են երգչախումբը եւ փողերախումբը բազմակի անդամները: Եւ առ այդ՝ ոչ միայն... այլեւ զուգադիր շաղկապին իւրաքանչիւր բաղադրիչը դրուած է անոնցմէ մէկուն վրայ:
բ)Թորոսը չ’աշխատիր եւ կը խանգարէ աշխատողները:
Թորոսը ոչ միայն չ’աշխատիր, այլեւ կը խանգարէ աշխատողները:
Այստեղ ունինք բարդ համադասական նախադասութիւն մը, որոնց համադաս բայերուն վրայ դրուած են մեր շաղկապին բաղադրիչները:
* * *
Տեսնենք հետեւեալ սխալ կառոյցը, որ այնքան ընդհանրացած է, բայց եւ աննկատ մնացած է արդի հայուն բերնին մէջ ու գրիչին տակ.
*** Ան ոչ միայն կը ղեկավարէ երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Այստեղ բազմակի անդամներն են, ինչպէս գիտենք, երգչախումբը եւ փողերախումբը, բայց ահա շաղկապին առաջին բաղադրիչը դրուած է ոչ թէ երգչախումբ-ին վրայ, այլ դիմաւոր բային վրայ՝ ոչ միայն կը ղեկավարէ...:
Ճիշդ կառոյցը պիտի տար՝
---Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Սխալ է նմանապէս հետեւեալ կառոյցը.
***Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ կը հովանաւորէ զայն:
Ուր այս անգամ համադասուած են երգչախումբը ուղիղ խնդիրը եւ կը հովանաւորէ ստորոգիչը:
Ճիշդը պիտի ըլլար՝
---Ան ոչ միայն կը ղեկավարէ երգչախումբը, այլեւ կը հովանաւորէ զայն:
Իսկ այսպիսի սխալ կառոյցներու ծուղակը շատ հեշտ է իյնալ ոչ միայն բանաւոր, այլեւ գրաւոր խօսքի մէջ, ուր անհամեմատօրէն աւելի ժամանակ ունինք վերանայելու ու վերամտածելու մեր շարադրանքը:
* * *
Ստորեւ օրինակներու շատ շինիչ եւ ուսանելի ցանկ մը, ուր զոյգ առ զոյգ թաւագրուած են համասեռ՝ ճիշդ, եւ անհամասեռ՝ սխալ, միաւորները: Ասոնց ուշադիր ու հանդարտ ընթերցումը մեծապէս կը նպաստէ մեր բոլորին ուղղախօսութեան:
Ճիշդ՝ « Ան կը նախագահէ ոչ միայն Ուսումնական խորհուրդին, այլեւ Շրջանաւարտից միութեան» (երկու անուղղակի խնդիր, ուրեմն՝ համասեռութիւն):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կը նախագահէ Ուսումնական խորհուրդին, այլեւ Շրջան-աւարտից միութեան» (ստորոգիչ եւ անուղղակի խնդիր, ուրեմն՝ անհամասեռութիւն):
Ճիշդ՝ «Բարեկամները ոչ միայն չզարմացան անոր ձախողութեան, այլեւ ափսո-սանքով արդարացուցին զայն» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Բարեկամները չզարմացան ոչ միայն անոր ձախողութեան, այլեւ ափսո-սանքով արդարացուցին զայն» (անուղղակի խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացինե-րունը» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացինե-րունը» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր սեփական ոչխարները, այլեւ կը հոգայ բոլոր գիւ-ղինները» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ կը հոգայ բոլոր գիւ-ղինները» (ուղիղ խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր ոչխարները, այլեւ կը կթէ զանոնք» (երկու ստորո-գիչ):
Սխալ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր ոչխարները, այլեւ կը կթէ զանոնք» (ուղիղ խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան պատսպարեց ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացի-ներունը» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն պատսպարեց իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացի-ներունը» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Արծիւը կը յաջողի ոչ միայն նկատել իր որսը, այլեւ յափշտակել զայն» (երկու ուղիղ խնդիր, երկուքն ալ՝ կը յաջողի ստորոգիչին):
Սխալ՝ «Արծիւը կը յաջողի նկատել ոչ միայն իր որսը, այլեւ յափշտակել զայն» (երկու ուղիղ խնդիր, մէկը՝ գոյական, միւսը՝ անորոշ դշերբայ):
Ճիշդ՝ «Ան կերակրեց ոչ միայն իր հարազատները, այլեւ համայնքի կարօտեալները» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կերակրեց իր հարազատները, այլեւ համայնքի կարօտեալ-ները» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կերակրեց իր հարազատները, այլեւ հոգաց եկեղեցւոյ կարիքները» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն դաւաճանեց հայրենիքին, այլեւ հարազատներուն» (ստորոգիչ եւ անուղղակի խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան դաւաճանեց ոչ միայն հայրենիքին, այլեւ հարազատներուն» (երկու ան-ուղղակի խնդիր):
Սխալ՝ «Այս ընտրութեան արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Մ. Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ» («Մասիս» շաբաթաթերթ, 29-10-16, խմբագրական): Ուր համադասուած են առաջինին ապագան ենթական եւ երկրորդին ստորոգիչը՝ պիտի ունենայ:
Ճիշդ՝ «Այս ընտրութեան արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Մ. Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհինը»: (երկու ենթակայ):
Արմենակ Եղիայեան