image

«Յիշենք մեր տարեցները» խորագրով միջոցառում՝ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ 

«Յիշենք մեր տարեցները» խորագրով միջոցառում՝ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ 

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի առիթով, օրերս, Պէյրութի մէջ, «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով Ամանորի եւ Սուրբ ծնունդի առիթով հաւաքոյթ մը տեղի ունեցած է, կազմակերպութեամբ՝ Ժտէյտէ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի,  22 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով  Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով հաւաքոյթ մը:

Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Սագօ Գրիգորեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի առիթով այս տարուան ամանորեայ տօնակատարութիւնները միայն յատուկ փոքրիկներու կամ պատանիներու չեն վերապահուած , այլ նաեւ` մեր տարեցներուն: Ան շեշտեց, որ տօնական օրերուն եւ միշտ հարկ է յիշել մեր տարեցները, մամիկներն ու պապիկները  եւ մեր ամբողջական սէրը, նուիրումն ու յարգանքը ցուցաբերենք իրենց նկատմամբ: Այս նախաձեռնութիւնը պէտք է սովորութիւն դառնայ ու շարունակուի ամէն տարի:

Սագօ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ հայկական սովորութիւն մըն է Նոր տարին սկսիլ աղօթքով, ան ներկայ տարեցներէն խնդրեց այս տարի իրենց աղօթքներուն մէջ յիշել ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որպէսզի անիկա շարունակէ մնալ միշտ կանգուն ու հաստատ: «Յիշեցէ՛ք  մեր  հայրենիքը Հայաստանն ու Արցախը, չմոռնանք նաեւ Լիբանանը, որ մնայ միշտ խաղաղ», նշեց ան:  Ապա մասնաճիւղի անդամներուն եւ սկաուտներուն անունով ներկաներուն մաղթեց ուրախ, քաջառողջ եւ բարիքներով լեցուն տարի մը:

Հիւրասիրութենէ ետք մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, ապա մթնոլորտը ճոխացուցին «Power Kids» խումբի անդամները:

Յայտագիրի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան նուէրներ, ինչպէս նաեւ հրամցուեցաւ մասնաճիւղի Սկատուական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած ճաշը:

Ներկաները իրենց բարի մաղթանքները կատարելէ ետք գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները:

Նոր տարուան առթիւ ԲԱՐԵԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՈՅ ՈԳԻՆ  տարածենք ամէնուրեք: