image

Յիշատակուած է հայրենի մեծ արուեստագէտ՝ Երուանդ Քոչարը

Յիշատակուած է հայրենի մեծ արուեստագէտ՝ Երուանդ Քոչարը

15 յունիսին, մեծանուն քանդակագործ-արձանագործ, նկարիչ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակն է: Այս առթիւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնի մէջ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրեասեան եւ նախարարի տեղակալ Ալֆրէտ Քոչարեան մասնակցած են Երուանդ Քոչարի յիշատակի խնկարկման արարողութեան եւ ծաղիկներ խոնարհած արուեստագէտի շիրիմին: Այդ մասին յայտնած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն։

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեանը, Երուանդ Քոչարի թանգարանի տնօրէն Կարինէ Քոչարը, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեանը, մեծանուն արուեստագէտի ընտանիքի անդամները, անոր արուեստի երկրպագուները, արուեստագէտներ:

«Երուանդ Քոչարի թողած ժառանգութիւնը համաշխարհային արուեստի մաս է, եւ դրանով նա հայաստանեան մշակոյթը բարձրացնում է համաշխարհային մակարդակի: Կարծում եմ՝ թէ՛ քանդակագործութեան, թէ՛ նկարչութեան մէջ Քոչարի ստեղծած ժառանգութիւնը եւ նրա դրած ուղենիշները շատ արուեստագէտների են ոգեշնչել ու ոգեշնչում, նրա գործերն աշխարհի տարբեր թանգարաններում են ցուցադրւում, աւելի մեծ շրջանակների ուսումնասիրութեան նիւթ են դառնում: Մեզ համար յատկապէս կարեւոր է նրա 125-ամեակի առթիւ եւս մէկ անգամ արժեւորել արուեստագէտին եւ նրա թողած ժառանգութիւնը»,- ըսած է Ժաննա Անդրեասեան։

Նախարարի տեղեկացմամբ՝ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջոցառումները շարունակական են ողջ տարուան ընթացքին. ձեւաւորուած է կառավարական յանձնաժողով՝ մեծանուն արուեստագէտի յոբելեանը պատշաճ կազմակերպելու եւ նշելու համար։ Տեղի պիտի ունենան տարբեր միջոցառումներ ինչպէս Երեւանի եւ ՀՀ մարզերուն մէջ, այնպէս ալ արտերկիր, պիտի ըլլան ստեղծագործութիւններու եւ շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ, կրթական ծրագիրներ ու առանձին միջոցառումներ:

«Այսօրինակ միջոցառումներով փորձելու ենք եւս մէկ անգամ հանրահռչակել, գնահատել եւ արժեւորել Երուանդ Քոչարի անունը, ստեղծագործութիւնները: Յատկանշական է նաեւ, որ այս տարի նշելու ենք մեր մայրաքաղաքի խորհրդանիշներից մէկի՝ «Սասունցի Դաւիթ» արձանի տեղադրման 65-ամեակը, որի քանդակագործը Երուանդ Քոչարն է: Այսօրինակ միջոցառումներով եւս մէկ անգամ կը բացայայտենք Երեւանի այն բոլոր կարեւոր վայրերը, որոնք կապուած են Քոչարի ստեղծագործական գործունէութեան հետ: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները հետաքրքրութիւն կ'առաջացնեն նաեւ զբօսաշրջիկների շրջանում՝ այլ տեսանկիւնից բացայայտելու Երեւանը»,- նշած է Ժաննա Անդրեասեան:

Պանթէոնի միջոցառումէն յետոյ Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է արուեստագէտին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ: Ներկաներն անդրադարձած են Երուանդ Քոչարի կեանքին, ստեղծագործութիւններուն, գործունէութեան: