image

Հրապարակի վրայ է «Հայրենի լեռներ եւ գետեր» սեղանի խաղը

Հրապարակի վրայ է «Հայրենի լեռներ եւ գետեր» սեղանի խաղը

Արդէն հրապարակի վրայ է «Հայրենի Լեռներ Եւ Գետեր» սեղանի խաղը, պատրաստուած՝ դաստիարակ Ալին Պզտիկեան Շիրաճեանին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Եթէ արդէն ծանօթ էք մանկագիր Ալին Պզտիկեան Շիրաճեանի «Լորին Եւ Նարեկը» մատենաշարի 15 գիրքերուն, այժմ ժամանակն է խաղալու։

Արդէն հրապարակի վրայ է «Հայրենի Լեռներ Եւ Գետեր» սեղանի խաղը, պատրաստուած՝ դաստիարակ Ալին Պզտիկեան Շիրաճեանին կողմէ։

Այս խաղը կը յիշեցնէ «Օձի Խաղը,» որ յետագային կոչուած է նաեւ «Սահնակներ Եւ Աստիճաններ», որուն ընթացքին խաղացողները կը բարձրանան աստիճաններով, վար կ՛իջնեն սահնակներով եւ որ ծնունդ առած է Ք.Ա. 2000ականներուն, Հնդկաստանի մէջ։

Սակայն, «Հայրենի Լեռներ Եւ Գետեր» խաղը հայկական իր կնիքը ունի, որովհետեւ հոն խաղացողները կը յառաջանան հայկական լեռներով մինչեւ Արարատ լեռը հասնիլը, կամ վար կ՛իջնեն հայկական գետերով։ Բացի խաղի քայլերէն, երբ խաղաքարը Հայաստանի տեսարժան վայր մը հասնի, խաղացողը կը ստանայ խաղալու յաւելեալ առիթ մը ։

Այս խաղին մէջ ընդգրկուած տեսարժան վայրերն են՝ Կասկադ Համալիրը, Մայր Հայաստանի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայկ Նահապետի եւ Սասունցի Դաւիթի արձանները, Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարը, Ծիծեռնակաբերդի եւ Սարդարապատի յուշահամալիրները, Այբուբենի պուրակը եւ Սեւանայ լիճը։

Օգտագործուած լեռներն են՝ Արարատ, Արագած, Արա, Խուստուփ, Հատիս, Վարդենիս, Գեղամայ լեռնաշղթայ-Աժտահակ, Ծաղկունեաց-Թեղենիս եւ Սիւնեաց լեռնաշղթայ-Կապուտջուղ։

Օգտագործուած գետերն են՝ Ձորագետ, Բամպակ, Քասախ, Արփա, Որոտան, Հրազդան, Դեպեդ, Արաքս եւ Ախուրեան։

Յաղթական կը համարուի ան, որ առաջին անգամ կը հասնի Արարատ լեռ, 100րդ քառակուսիին վրայ։

Խաղին տուփը ունի նաեւ դաստիարակչական երկլեզու բաժին մը, որ կը փոխանցէ Հայաստանի վերաբերող որոշ աշխարհագրական տեղեկութիւններ, յատկապէս լեռներու եւ գետերու մասին։ Այս խաղը նախատեսուած է 3 տարեկանէն սկսեալ մասնակցողներու։

«Յոյս ունիմ, որ այս խաղը ոչ միայն հաճելի ժամանց կը պարգեւէ մասնակցողներուն, այլ նաեւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ իր գեղատեսիլ բնութեան հանդէպ։ Նաեւ կը յուսամ, որ այս խաղը մաս կը կազմէ Կաղանդի եւ Նոր տարուան նուէրներու ցանկին», կ՛ըսէ հեղինակը։

Խաղին գծագրութիւնները արդիւնքն են հայաստանաբնակ գծագրական կերպարուեստի մասնագէտ Քրիստ Պետոյեանի հետ համագործակցութեան, որ նաեւ նկարազարդած է «Լորին Եւ Նարեկը»  մատենաշարի վերջին 4 գիրքերը։ Այս մատենաշարի առաջին գիրքը՝ «Լորիկը Եւ Ծիլիկը» հրատարակուած է 25 տարիներ առաջ։ Հեղինակը երկար տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Շ. եւ Է. Մերտինեան վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով հայերէն, հայկական մշակոյթ եւ թատրոն։

Խաղը կարելի է ձեռք ձգել «Ապրիլ» եւ «Սարդարապատ» գրախանութներէն կամ կապուելով հեղինակին հետ՝ alinehekiat@yahoo.com հասցէով։

 

(Հաղորդագրութիւնը՝ հրատարակիչներէն)