image

Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի ելոյթը՝ Աթէնքի մէջ

Հայրենի լրագրող  Թաթուլ Յակոբեանի  ելոյթը՝ Աթէնքի մէջ

Հայրենի լրագրող՝ Թաթուլ Յակոբեան, որուն  քաղաքական հարցերու շուրջ անկողմնակալ մօտեցումներն ու տեսակէտները կը գնահատուին  հայ հասարակութեան կողմէ,  օրերս հրաւիրուած էր Աթէնք, Հայ Իրաւանց Խորհուրդի նախաձեռնած միջոցառման ուր ան խօսեցաւ Արցախեան Պատերազմի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ  վերջին տարիներուն  տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած   լրատւութիւնը, ուր մանրամասն անդրադարձ մը կատարուած է Յակոբեանի հետ եղած հանդիպման։

 

23 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Արարատ Մ.Մ.Միութեան «Անանիա եւ Վարդուհի Խաչատուրեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի նախաձեռնած միջոցառում ՌԱԿ կուսակցութեան հովանաւորութեամբ, ուր հրաւիրուած էր հանրածանօթ լրագրող մտաւորական ու քաղաքագէտ, Պրն. Թաթուլ Յակոբեանը:  Միջոցառման սկիզբը, Կուսակցութեան Ատենապետ պրն. Սեւակ Փանոսեան ողջոյնի խօսք ուղղեց, Պրն. Յակոբեանին գովելով զինք հայրենիքին հանդէպ իր նուիրումին համար:  

Պրն. Յակոբեանը, 2020 թ.-ի Արցախեան Պատերազմի եւ Հայաստանի վերջին տարիներուն մինչ ներկայիս տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին քաղաքական վերլուծում եւ պատմական ակնարկ կատարելէ ետք, խօսքը ուղղեց ներկաներուն, հարցումներ տալու համար: 

Հարցումներու համադրման դժուարին դերը ստանձնեց Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Լեւոն Աղազարեանը: Հարցուպատասխանը փաստօրէն դժուար էր քանի որ լսարանը գործօն մասնակցութիւն բերաւ եւ զգացմունքային ու կասկածամիտ բազմաթիւ հարցումներ տրուեցան, որոնցմով միջոցառումը աշխուժացաւ եւ ներկաները շնորհուեցան եւս աւելի իմաստութեամբ ու քաղաքական հասունութեամբ: 

Միջոցառման աւարտին, «Արարատ» Մ.Մ. -  Միութեան Ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Առաքելեանը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ատենապետ՝ Պրն. Արիս Խաչատուրեանը, յուշանուէրներ յանձնեցին Պրն. Թաթուլ Յակոբեանին, իրեն այսպէս շնորհակալութիւն յայտնելով իր ներկայութեան համար եւ զայն պատուելով՝ մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ ունեցած իր նուիրումին համար: 

Երեկոն եզրակափակուեցաւ այն համոզումով թէ մեր ժողովուրդի միակ յոյսը շարունակական ու անխոնջ աշխատանքն