image

Արտառոց դէպք հայրենի Դդմաշէն գիւղին մէջ. Վիրահատուած կնոջ «պահած» են ինքնաշարժին մէջ, որուն հետեւանքով ալ ան պայթումէն զոհուած է

Արտառոց դէպք հայրենի Դդմաշէն գիւղին մէջ. Վիրահատուած կնոջ «պահած» են ինքնաշարժին մէջ, որուն հետեւանքով ալ ան պայթումէն զոհուած  է

ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Դդմաշէն գիւղի կազալցակայանին մէջ «UAZ» (Վիլիս) մակնիշի մեքենայի պայթումէն կին մահացած է, անոր թաքցուցած էին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է armlur.am–ը։

Դէպքը տեղի ունեցած է դեկտեմբեր 27-ին՝ ժամը 11։40-ի սահմաններուն։ Մինչ այս նշուած էր, որ մեքենային մէջ յայտնաբերուած է տղամարդու մարմին։

«Մեքենայում գտնուող կնոջ ոտքը վիրահատել էին, գիպսի մէջ է եղել։ Հարազատները մօտեցել են գազալցակայան`մեքենան լիցքաւորելու, եւ որպէսզի վիրահատուած կնոջը մեքենայից չիջեցնեն, նրա վրայ շոր են գցել ու գազալցակայանի աշխատակիցներին վստահեցրել, որ մեքենայում մարդ չկայ։ Արդիւնքում գազալցակայանի աշխատակիցները մեքենան լիցքաւորել են, ու լիցքաւորման ժամանակ այն պայթել է»,– նշած է կայքը։

Յիշեցնենք, որ ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնն ալ յայտնած է, որ պայթումի հետեւանքով մահացած է ուղեւոր Ն․ Հ.-ն (ծնած 1985 թ․), իսկ կազալցակայանի աշխատակիցը տեղափոխուած է հիւանդանոց։