image

Յայտնաբերուած է Արցախի Աստղաշէն գիւղի կորսուած բնակիչը՝ մահացած

Յայտնաբերուած է Արցախի Աստղաշէն գիւղի կորսուած բնակիչը՝ մահացած

Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն գիւղի բնակիչէն  Յունուար 6-ին ոստիկանութեան շրջանային բաժնի հերթապահ մասը հաղորդում ստացուած է, որ նոյն գիւղի 91-ամեայ բնակիչ Է.Ա.-ն Յունուարի 5-ին տունէն դուրս եկած է եւ չէ վերադարձած:

ԱՀ ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան, Ստեփանակերտի քաղաքային վարչութեան, ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան եւ Ասկերանի ազգային անվտանգութեան ծառայողներուն հետ համատեղ ձեռնարկուած փնտռողական միջոցառումներու շնորհիւ, Յունուար 7-ին, ժամը 13:20-ի սահմաններուն Աստղաշէն համայնքի վարչական տարածքին մէջ յայտնաբերուած է Է. Ա.-ի դին: Դիակի արտաքին զննութեամբ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած:

Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

Ստուգմամբ կը զբաղի ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինը: