Ուքրանիայէն Իսթանպուլ մեկնող նաւը ծանծաղուտի մէջ յայտնուած է Վոսփորի նեղուցին մէջ, որ անկէ ետք փակուած է նաւագնացութեան համար։ Այդ մասին նշուած է Թուրքիոյ առափնեայ պահպանութեան թիութըրեան հաղորդագրութեան մէջ։
«KURTARMA-5, KURTARMA-6, KURTARMA-9, KURTARMA-12, NAZIM TUR քարշակներն ու KEGM-3, KEGM-5 նաւակները մեկնած են պատահարի վայր՝ 173 մեթրանոց LADY ZEHMA նաւի մօտ, որ ծանծաղուտի մէջ յայտնուած է ղեկի անսարքութեան պատճառով, Ուքրանիայէն Իսթանպուլ ճանապարհին։
Նաւագնացութիւնը Իսթանպուլի (Վոսփորի) նեղուցին մէջ դադարեցուած է»,-նշուած է գրառման մէջ։
Յիշեցնենք, որ 22 յուլիսին Իսթանպուլի մէջ բազմակողմ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ արտահանման համար նախատեսուած ռուսական ապրանքներու մատակարարման սահմանափակումներու վերացման եւ ուքրանական հացահատիկի դուրսբերման հարցով ՌԴ աջակցման վերաբերեալ։
ՄԱԿ-ի մէջ բազմիցս յայտարարած են, որ հացահատիկի պակասի պատճառով պարենային ճգնաժամի սպառնալիք հասունցած է, Արեւմուտքը Ռուսիան կը մեղադրէ ուքրանական հացահատիկի մատակարարումները խոչընդոտելու համար։ Մոսկուան կտրականապէս կը հերքէ մեղադրանքները։