image

Վրաստանի մէջ. Ածխահանքի մէջ պայթում

Վրաստանի մէջ. Ածխահանքի մէջ պայթում

Վրաստանի արեւմտեան Թքիպուլի ածխահանքին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Մէկ մարդ զոհուած է, ութ հոգի տարբեր ծանրութեան վնասուածքներ ստացած են: Տուժած հանքագործները շտապ հասցուցած են Թիֆլիս, ուր անոնց ցուցաբերուած է բժշկական օգնութիւն:

Տուժածներէն մէկուն վիճակը ծանր է: Ան մարմնի վերին հատուածի եւ շնչուղիներու այրուածքներ ունի:

«Վրացածուխ» ընկերութեան, որ կը տնօրինէ հանքը, ներկայացուցիչները պատահարի վայրին մէջ հետաքննութիւն կ'իրականացնեն: