image

Հայաստանի քաղաքական փակուղին եւ անոր յաղթահարման նախադրեալները. Գրեց՝ Վազգէն Գավլագեան

Հայաստանի քաղաքական փակուղին եւ անոր յաղթահարման նախադրեալները. Գրեց՝ Վազգէն Գավլագեան

Փակուղիէն Դուրս Գալու Համար

Տեսակէտ յայտնելու սկզբունքի յարգումէն մեկնած տեղ կու տանք ստորեւ սիւնակներով ներկայացուած յօդուածին, անհրաժեշտաբար սակայն ընդգծելով կարգ մը իրողութիւններ:

Ներհասարակական մթնոլորտի թէժացման եւ անկէ բխած բոլոր հետեւանքներու հիմնական պատասխանատուն տուեալ երկրի գործող իշխանութիւններն են: Նոյնն է պարագան  Հայաստանի Հանրապետութեան:

Իշխանութիւններու եւ վարչապետի օգտագործած բառապաշարը, հայհոյալից  խօսոյթը, սպառնալիքները զգացական պահու արտասանուած բառեր եւ եզրոյթներ չեն, այլ ամէն փուլի դրսեւորուած հետեւողական, կանխամտածուած ոճ, որուն նպատակը խորացնելն է բեւեռացումը հասարակութեան մէջ:

«Իրական Հայաստան»-ի հակադրումը պատմական Հայաստանին, Արարատի հակադրումը Արագածին, սեւ ու սպիտակի բաժանարարութիւնը ` օրինակներ են պառակտումի քաղաքականութեան:

Այս նշումները պարզապէս օրինակներ են, որ իշխանութիւնները ոչ թէ կը կիրարկեն համախմբումի իրենց վստահուած առաքելութիւնը, այլ ընդհակառակը` կը զարգացնեն բեւեռացումը տարբեր փուլերու:

Ընտրութիւններուն վստահելիութիւնը նախ եւ առաջ կ՛ամրապնդուի, եթէ գործող իշխանութիւնները համատարած չօգտագործեն վարչական լծակները եւ տարբեր կալանքներու չենթարկեն ընդդիմադիր գործիչները:

Պէտք է արձանագրել, որ սերնդափոխութիւնը տեսանելի է խորհրդարանական ընտրութիւններու ընտրացուցակներուն թէ խորհրդարան հասած ընդդիմադիր ուժերուն մէջ: Անոնք նաեւ կառավարութեան իւրաքանչիւր ոլորտին վերաբերող մասնագիտական ծրագիրներով ներկայացած էին հանրութեան:

Սփիւռքի ներուժի օգտագործման գործիքակազմերը չեն գործեր: Կը յայտարարուի, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է միայն այսօրուան սահմաններուն մէջ ապրող բնակչութեան: Այս գաղափարախօսութիւնը ըստ էութեան կ՛երկփեղկէ ազգը ոչ միայն հանրապետութեան սահմաններէն ներս, այլ նաեւ ընդհանրապէս արտերկրի մէջ:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով համախմբում եւ մթնոլորտի փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել միայն այն ատեն, երբ կարելի կ՛ըլլայ կայացնել առանց վարչական լծակներու, սպառնալիքներու եւ կալանքներու արդար ընտրութիւններ: Մթնոլորտի փոփոխութիւնը, երկխօսութիւնն ու մանաւանդ համախմբումը պայմանաւորուած են Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներուն հաւատացող եւ անոնց իրականացումը առաջադրող իշխանութիւններէն:

«Ա.»

Հայաստանի քաղաքական կեանքը վերջին տարիներուն կը շարունակէ գտնուիլ խոր բեւեռացման եւ անվստահութեան մթնոլորտի մէջ: Տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ առկայ հակադրութիւնները ոչ միայն կը դժուարացնեն բնականոն քաղաքական գործընթացներու զարգացումը, այլ նաեւ կը խոչընդոտեն ազգային մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման համար անհրաժեշտ համախոհութեան ձեւաւորումը:

Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար հրաշագործ լուծումներ գոյութիւն չունին: Քաղաքական ճգնաժամի յաղթահարումը կը պահանջէ երկարաժամկէտ տեսլական, պետական մտածողութիւն եւ ազգային պատասխանատուութեան զգացում:

Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է վերականգնել քաղաքական երկխօսութեան մշակոյթը: Իշխանութիւն, ընդդիմութիւն եւ քաղաքացիական հասարակութիւն պարտին վերադառնալ հաղորդակցութեան այնպիսի դաշտ, ուր տարակարծութիւնը չվերածուի անհաշտ թշնամանքի, իսկ քաղաքական պայքարը չկորսնցնէ իր քաղաքակիրթ բնոյթը:

Միաժամանակ, պետական հիմնարկներու անկախութիւնն ու հեղինակութիւնը կարիք ունին հետեւողական ամրապնդման: Անկախ դատական համակարգի, դատաւորներու անկախութիւն, նշանակումներու թափանցիկութիւն եւ հանրային վստահութեան անհրաժեշտութիւն, վստահելի ընտրական վարչակազմի եւ օրէնքի գերակայութեան անխախտ սկզբունքը կը կազմեն ժողովրդավարական պետութեան հիմնական յենասիւները:

Քաղաքական համակարգի առողջացման համար անհրաժեշտ է նաեւ ազգային հիմնական հարցերու շուրջ նուազագոյն համաձայնութեան գոյացումը: Անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններն ու տնտեսական զարգացման առաջնահերթութիւնները պէտք է դուրս մնան ներքաղաքական առօրեայ հակամարտութիւններէն եւ դառնան համազգային մտածողութեան առարկայ:

Նոյնքան կարեւոր է քաղաքական մշակոյթի վերափոխումը: Գաղափարներու մրցակցութիւնը պէտք է փոխարինէ անձնակեդրոն հակադրութիւնները, իսկ իշխանութիւններու կողմէ քաղաքական հակառակորդը պէտք է դիտուի իբրեւ մրցակից եւ ոչ` իբրեւ թշնամի:

Առողջ քաղաքական համակարգը նաեւ կը պահանջէ քաղաքական դաշտի նոր ուժերու ընդլայնում եւ սերնդափոխութիւն, նոր գաղափարներու եւ նոր սերունդի քաղաքական գործիչներու մուտքը քաղաքական դաշտ, որպէսզի հանրութեան ընտրութիւնը սահմանափակուած չըլլայ միայն գործող իշխանութեան եւ գործող քաղաքական ուժերու միջեւ:

Էական է, որ Հայաստանի մէջ կայանան իսկական ժողովրդավարութիւնը, մասնագիտական պատրաստութիւնը եւ ծրագրային աշխատանքը:

Սփիւռքը, իր կարգին, կրնայ իր ներդրումը բերել մասնագիտական փորձառութեամբ, խորհրդատուութեամբ եւ ներդրումներով` յարգելով Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներու ինքնուրոյն ընթացքը եւ պետական ինքնիշխանութիւնը:

Վերջապէս, ժողովրդավարական զարգացման անբաժանելի նախապայմաններէն են ազատ, արդար եւ բոլոր կողմերուն համար վստահելի ընտրութիւնները, որոնք իշխանափոխութիւնը կը դարձնեն բնական եւ խաղաղ գործընթաց: Ոչ միայն արդար քուէարկութիւն, այլ նաեւ քարոզարշաւի հաւասար պայմաններ, ինչպէս նաեւ պետական միջոցներ չօգտագործել կուսակցական նպատակներով:

Ներկայ բեւեռացումը մեղմելու ուղղութեամբ կարելի է նաեւ մտածել վստահութեան վերականգնման քայլերու, անկախ միջնորդութեամբ առարկայական երկխօսութեան, ազգային նշանակութեան հարցերու շուրջ ժամանակաւոր համագործակցութեան եւ հանրային խօսքի լարուածութեան մեղմացման մասին: Քաղաքական երկխօսութեան համար նախընտրելի են փակ, ոչ հրապարակային խորհրդակցութիւններ անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն շուրջ, ուր կը կազմուի ազգային հարցերու սահմանափակ օրակարգ, իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը  կը պարտաւորուին առնուազն տեղեկութիւն փոխանակել եւ խորհրդակցիլ:

Այս նախաձեռնութիւններէն իւրաքանչիւրը առանձին վերցուցած չի կրնար ամբողջութեամբ լուծել Հայաստանի քաղաքական ճգնաժամը: Սակայն անոնց համադրուած կիրարկումը կրնայ աստիճանաբար նուազեցնել հասարակական բեւեռացումը եւ նպաստել աւելի կայուն ու պատասխանատու քաղաքական միջավայրի ձեւաւորման:

 

Իսկ ի՞նչ են քաղաքական դաշտի կայացման հիմնական խոչընդոտները

Հայաստանի քաղաքական դաշտի առողջացման ընթացքին վրայ կը շարունակեն ազդել շարք մը փոխկապակցուած գործօններ:

Ամէնէն առաջ` խոր քաղաքական բեւեռացումը, որ քաղաքական մրցակցութիւնը յաճախ կը տեղափոխէ գաղափարական հարթութենէն անձնական հակադրութիւններու դաշտ:

Երկրորդ` իշխանութեան կիրարկած քաղաքականութեան պատճառով ընդդիմութեան եւ պետական հիմնարկներուն նկատմամբ վստահութեան պակասը, որ կը դժուարացնէ հասարակական համախմբումը եւ բարեփոխումներու իրականացումը:

Երրորդ` ապահովական մնայուն մարտահրաւէրները, որոնք բնականաբար քաղաքական օրակարգին կը պարտադրեն հրատապութեան մթնոլորտ եւ կը նուազեցնեն երկարաժամկէտ ռազմավարական մտածողութեան կարելիութիւնները:

Այս բոլորին կ’աւելնան քաղաքական ուժերու կազմակերպական թուլութիւնը, ուր յայտնի կը դառնայ գաղափարական աշխատանքի եւ նոր մասնագէտներու ներգրաւման պակասը, ինչպէս նաեւ բացակայութիւնը 5-10 տարուան պետական ծրագիրներու, հասարակութեան ներսի բաժանումները, արտաքին դերակատարներու ազդեցութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ վիրաւորանքով,  պիտակաւորումներով հարուստ քաղաքական բանավէճերը: Պէտք է անձնական վիրաւորանքէ եւ տարբեր պիտակաւորումներէ զերծ պահուին բանավէճը կամ երկխօսութիւնը:

Այս գործօնները փոխադարձաբար կը սնուցեն զիրար: Անվտանգային լարուածութիւնը կրնայ խորացնել քաղաքական բեւեռացումը, իսկ բեւեռացումը` աւելի թուլացնել հանրային վստահութիւնը պետական հիմնարկներու նկատմամբ:

Ուստի, Հայաստանի քաղաքական դաշտի կայացումը չի կրնար սահմանափակուիլ առանձին բարեփոխումով կամ միայն իշխանափոխութեամբ: Անիկա կը պահանջէ համապարփակ մօտեցում, պետական մտածողութիւն եւ հասարակական լայն մասնակցութիւն` ազգային շահը գերադասելով բոլորէն:

 

Վազգէն Գավլագեան
«Ազդակ»